2013-06-21 12:01:18

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան` Համաեւրոպական Ակադեմիայի Անդամ


Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիան դարձաւ Համաեւրոպական ակադեմիայի անդամ:
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի հաղորդագրութեան համաձայն, Համաեւրոպական ակադեմիան հիմնադրուած է 1994 թուականին: Անիկա գիտութիւններու ազգային ակադեմիաներու համադաշնակցութիւն է, որ կը միաւորէ 40 եւրոպական երկիրներ: Համաեւրոպական ակադեմիայի անդամ կազմակերպութիւնները գիտնականներու եւ հետազօտողներու ինքնակառավարող միաւորումներ են, ինչպէս` գիտական հիմնադրամները, հետազօտական հիմնարկները, նորարարական կեդրոնները եւ գիտական ընկերութիւնները:
«Համաեւրոպական ակադեմիային անդամակցիլը հայ գիտնականներուն նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ գիտական փոխանակման, միջազգային հեռանկարային ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուելու առումով», ըսուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հաղորդագրութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.